2012-09-14 11:57:44

Աղօթք` Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Ժամանումին Ընդառաջ


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան սպասումով եւ առ ի պատրաստութիւն անոր ժամանումին, Սեպտեմբեր 13-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ կղերական դասի ներկայացուցիչներն ու հայ բազմաթիւ հաւատացեալները ի մի հաւաքուեցան իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով, որ Պենետիկտոս ԺԶ-ի այցը ըլլայ արգասաբեր ու ներգործող` հոգիներու բարիքին ու Աստուծոյ փառքին համար:
Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած աղօթքի այս հաւաքին հանդիսադրեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի օգնական եպիսկոպոս Հայր Յովհաննէս եպս. Թեյրուզեան, որ արարողութեան ներկայ հաւատացեալները առաջնորդեց կատարելու հոգեւոր այս ուղեւորութիւնը` պատմական իրադարձութեան ընդառաջ,:
Աղօթքի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ այս աղօթքով կը պատրաստուինք Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի Լիբանան ժամանումին, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան իմաստի վերագտնումին: Հայր Սեպուհ անգամ մը եւս շեշտեց, որ Սրբազան քահանայապետը Լիբանան կու գայ իր խաղաղութիւնը շնորհելու եւ ամրապնդելու հաւատացելաները` իբրեւ “մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի”: Բացման խօսքէն ետք մասնակիցները տեսանիւթի մը ընդմէջէն ծանօթացան Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի կենսագրութեան:
Աղօթքը կատարուեցաւ երեք հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանը Խաչն էր` խորհրդանիշ տառապանքի, կեանքի փրկութեան եւ զօրութեան, երկրորդը` Խօսքը, որ լուսաւորող դաստիարակն է հոգիներուն եւ երրորդը` Խաղաղութիւնը, որ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է Արեւելքի մէջ` առ ի հետեւութիւն երկրի վրայ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն: Հանդիսադիր եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, աղօթքի մասնակիցները նախ հայցեցին Ս. Հոգիի ներշնչումը, ապա խոկացին Աստուծոյ Խօսքը`հասնելու համար սրտի մտերմիկ զրոյցի: Աղօթքի եզրափակիչ մասին մէջ յատկապէս պաղատանք բարձրացաւ առ Աստուած` վասն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հոգեւոր կեանքի, քրիստոնէական վկայութեան եւ քրիստոնէական ընտանիքի ու երիտասարդութեան զօրացման:









All the contents on this site are copyrighted ©.